2015-08-10 12:56:00

Օպամա «Հիւլէական հարցին լուծումը պիտի արտօնէ Թեհրանի հետ բանակցելու այլ հարցերու մասին


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Սի.Էն.Էն.»¬ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցին լուծումը կարելիութիւն կ’ընծայէ Իրանի հետ Սուրիոյ նման այլ հարցերու շուրջ համապարփակ բանակցութիւններու ձեռնարկելու:

Ան նշեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է լուծել հիւլէական ծրագիրի հարցը, իսկ անցեալ ամիս Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, ըստ որուն Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները կը վերցուին եւ ատոր դիմաց Թեհրանի հիւլէական ծրագիրը սահմանափակումներու կ’ենթարկուի, այդ նպատակը կ’իրագործէ աւելի լաւ ձեւով, քան որեւէ այլընտրանք:

Օպամա Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ամբաստանեց Իրանի հետ համաձայնութեան հարցով ամերիկեան ներքին հարցերուն «աննախադէպ» միջամտութիւն կատարելու յանցանքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.