2015-08-10 15:38:00

Ռայի Պատրիարք. «Երկիրը այս ընթացքով չի կրնար շարունակել»


«Երկիր մը առանց նախագահի չի կրնար գոյատեւել, ինչպէս մարմին մը` առանց գլուխի», յայտարարեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ սկսած իր հովուապետական շրջապտոյտին ընթացքին Պեքաայի զանազան շրջաններուն մէջ, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ շրջաններու հոգեւոր թէ քաղաքական եւ պետական պատասխանատուներուն հետ:

Ռայի պատրիարքը այս առիթով վերահաստատեց իր պահանջը պատկան կողմերուն` վերակենդանացնելու երկրի նախագահի ընտրութեան ճիգերը, միաժամանակ շարունակելով պահպանել երկրին սահմանադրական թէ օրէնսդրական պաշտօնական հաստատութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.