2015-08-10 15:30:00

Թուրքիոյ մէջ Ամերիկեան դեսպանատան վրայ յարձակում։


(Ռատիօ Վատիկան) Թուրքիոյ մէջ բռնութիւնները տակաւին կը շարունակուին։ Երկուշաբթի, 10 օգոստոսին, կանուխ առաւօտեան, Իսթանպուլի մէջ ոստիկանատան դիմաց  պայթեցաւ ռումբ մը։   Մինչ այդ երկու   ահաբեկիչ կիներ յարձակում կատարած են Ամերիկեան դեսպանատան վրայ։ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ Թուրքիոյ ոստիկաններուն միջեւ  բախումները կը շարունակուին։ Կարգ մը լրատուական աղբիւրներու համաձայն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը Քրտական աշխատաւորական  կուսակցութեան վերագրած է   Թուրքիոյ ոստիկանատան եւ Ամերիկիոյ դեսպանատան ահաբեկչական գործողութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.