2015-08-08 12:40:00

Սուրիոյ նախարարները այցելեցին Հալէպ


Սուր­իոյ ելեկտ­րա­կա­նու­թեան, ջու­րի եւ խորհր­դա­րա­նի հար­ցե­րու պե­տա­կան նա­խա­րար­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Հա­լէպ եւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան տեղ­ւոյն պե­տա­կան մար­մին­նե­րուն հետ` շտապ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ լու­ծում­ներ որո­նե­լու Հա­լէ­պի ջու­րի, ելեկտ­րա­կա­նու­թեան հետ կապ­ուած հար­ցե­րուն, ապա­հո­վե­լու համար բնակ­չու­թեան կեն­սա­կան կա­րիք­նե­րը: Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»-ը:

Ելեկտ­րա­կա­նու­թեան նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ տուեալ մար­զի ծա­ռա­յո­ղա­կան պաշ­տօ­նէ­ու­թեան զո­հո­ղու­թեան շնոր­հիւ Սուր­իոյ աշ­խար­հագ­րա­կան զա­նա­զան տա­րածք­նե­րու վրայ ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը տակաւին հա­սա­նե­լի կը մնայ, հա­կա­ռակ զին­եալ խմ­բա­ւո­րում­նե­րու խա­փա­նա­րար աշ­խա­տանք­նե­րուն: «Մինչ օրս տըւ­եալ մար­զի ծա­ռա­յող­նե­րէն նա­հա­տակ­ուած են 800 պաշ­տօն­եա­ներ, հիմ­նա­կան դժ­ուա­րու­թիւնը վա­ռե­լա­նիւ­թի պա­կասն է, ինչ­պէս նա­եւ կարգ մը ելեկտ­րա­կա­յան­նե­րու զին­եալ ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն գե­րիշ­խա­նու­թեան տակ ըլ­լա­լը, որուն պատ­ճա­ռով եր­բեմն աշ­խա­տան­քէ կը դադ­րին ելեկտ­րա­կա­յան­նե­րը»:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Հա­լէպ քա­ղա­քին, խն­դի­րը զին­եալ խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն կող­մէ ելեկտ­րա­կա­յա­նի ու ելեկտ­րա­կա­նու­թեան հայ­թայթ­ման Զէր­պէ­յի կա­յա­նին գրա­ւումն է: Հա­կա­ռակ այս դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն` նա­խա­րա­րու­թիւնը այս տա­րի ելեկտ­րա­կա­նու­թիւն հայ­թայ­թող 2 կեդ­րոն պի­տի հաս­տա­տէ Հա­լէ­պի մէջ, որոնք պի­տի ար­ժեն շուրջ 15 միլ­ի­առ ս.ո. եւ պի­տի բա­ւա­րա­րեն քաղաքի ելեկտ­րա­կա­նու­թեան կա­րի­քը:

Իր կար­գին, ջու­րի հար­ցե­րու նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, որ ներ­կայ դրութ­եամբ Հա­լէպ քա­ղա­քը կա­րի­քը ու­նի 150 յա­ւել­եալ ջր­հոր­նե­րու. նա­խա­րա­րու­թիւնը ամ­սա­կան 20 ջր­հոր փո­րել պի­տի տայ, ինչ­պէս նա­եւ նիւ­թա­պէս նե­ցուկ պիտի կանգ­նի Հա­լէ­պին` բա­ւա­րա­րե­լու բնակ­չու­թեան ջու­րի պա­հանջ­քը: Քուէյք գե­տին շուրջ պի­տի զե­տեղ­ուին 20 ջրազտ­ման գոր­ծիք­ներ, իսկ օրա­կան դրու­թեամբ 10 հա­զար մեթր խորա­նարդ ջուր պի­տի հասց­ուի ջու­րի ըն­կե­րու­թիւն, ջրա­յին ցան­ցի բա­նեց­ման հա­մար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.