2015-08-08 08:15:00

Գրիգոր Պետրոս Ի.ի Գահակալութեան արարողութիւնը համացանցային ուղիղ եթերով


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր ՏԷր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին  գահակալութեան արարողութիւնը,  տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 9 օգոստոսին 2015-ին յետմիջորէին ժամը 5.00ին, Զմմառու շրջափակին մէջ։

Գահակալութեան արարողութեան ծիրէն ներս, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկիոս Պատարիարք Սուրբ եւ Անմահ պատարագ պիտի մատուցանէ , մասնակցութեամբ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց դասուն։

 Սրբազան արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին Հռոմի Ս. Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին ներկայացուցիչներ, Լիբանանի Պապական Նուիրակը, Հայ և օտարազգի բարձրաստիճան Հոգեւորականներ, Առաջնորդներ, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վարչական Հայրեր, Միաբան Հայրեր, Համայնքային ներկայացուցիչներ, Պետական անձնաւորութիւններ, Հայ Կուսակցական Միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Սրբազան երգեցողութիւնը պիտի կատարէ «Կռունկ» Պատրիարքական երգչախումբը, ղեկավառութեամբ Դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:

Յայտնենք, թէ գահակալութեան արարողութեան կարելի է հետեւիլ  ուղղիղ սփռումով   հետեւալ www.armeniancatholic.org կայքջէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.