2015-08-07 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի առաջին հարիւրամեակին առթիւ, Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի անդամները` 4 օգոստոսին ժամանեցին Հռոմ ` մասնակցելու Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի միջազգային հանդիպումին որուն եզրափակումը տեղի ունեցաւ այսօր` 7 օգոստոս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ հանդիպումով Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։

Հա դիպումը սկիզբ առաւ առաւօտեան 9-ին` երգեցողութիւններով, շարժումի զանազան մասնաճիւղերու լսատեսողական ներկայացումներով, զանազան լեզուներով ներկայացուած անձնական վկայութիւններով ու ապա աղօթքի պահով։ 

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը սրահ ժամանեց 11-ին։

Անոր ողջոյնի խօսք ուղղեց Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս շնորհակալութիւն յայտնելով Սրբազան Պապին այս պատեհ առիթին համար ու ներկայացնելով Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի առաքելութիւնը։ Խօսք առաւ ապա Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի աղօթքի առաքելութեան վարիչ` Հայր  Ֆրետերիք Ֆորնոս  որ յայտնեց թէ շարժումը ունի աւելի քան 1 միլիոն 100 հազար հետեւորդ եւ թէ այսօր ներկայ են  պատուիրակութեան 1500 անդամներ, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի հինգ ցամաքամասերը եւ որ  համախմբուած են տօնախմբելու համար շարժումի հիմնարկութեան 100 ամեակը։

''Մեր այս հանդիպումի կեդրոնական նիւթն է ''ուրախութիւնը'', այն ուրախութիւնը որ մեզի պարգեւեց Յիսուս` ըսաւ Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոս  խօսքը տալով վեց երիտասարդներու որոնք Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղեցին համապատասխան հարցումներ  հայող ընտանեկան կեանքին, կաթողիկէ երիտասարդներու դերակատարութեան, Սուրբ Հաղորդութեան իմաստի մասին, Քահանայապետին դիմագրաւած առաքելական ամենամեծ դժուարութեան մասին եւ ուրախալի պահերու մասին։

Հարցումներուն պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.  ''Երկու բառեր սրտիս խօսեցան այն է լարուածութիւն եւ բախում, որոնք կեանքի մաս կը կազմեն'' հաստատելով թէ երբ կեանք կայ, կայ նաեւ լարուածութիւն ու բախում։ Առանց այս երկու իրողութիւններուն կեանքը գերեզմանատուն մըն է – ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ  լարուածութիւններու շնորհիւ կարելի է հասուննալ ու առիթ ունենալ քաջութիւնը զարգացնելու։ ''Երիտասարդ մը որ քաջութիւն չունի ծեր նկատուած է'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու  յորդորեց այդ լարուածութիւնները լուծել երկխօսութեամբ եւ անկեղծութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց հակամարտութիւններու վրայ  որոնք կը յառաջանան բազմամշակութային ու բազմակրօն ընկերութեան մէջ, հաստատելով որ յաճախ հակամարտութիւնները կրնան դրական ցուցմունքներ յայտնաբերել որովհետեւ անոնք մեզի ցոյց կու տան զանազանութիւնը ու մեզի կը հասկցնեն թէ հարկաւոր է լուծումի յանգիլ նախ քան պատերազմի դիմելը։ Առ այդ - յարեց Քահանայապետը - հարկաւոր է յարգել ''ուրիշին ինքնութիւնը'' եւ այս յարգանքով է որ կարելի է յաղթահարել հակամարտութիւնները։

Ան ապա ակնարկեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն որոնք ոչ միայն յարգուած չեն այլեւ ենթարկուած հալածանքի ու սպանդի որովհետեւ անոնց ''ինքնութիւնը'' ոտնակոխ եղած է։

Սրբազան Հայրը ապա խօսելով իր եկեղեցական կեանքի ամենամեծ մարտահրաւէրին մասին յայտնեց թէ ան եղած է ''գտնել խաղաղութիւնը - Աստուծոյ Անդորրութիւնը'' որ կը նշանակէ թէ Տէրը հետդ է ու քեզի կ՛ընկերակցի ու թելադրեց զանազանել իսկական խաղաղութիւնը որ կու գայ Յիսուսէն­, այդ մակերեսային խաղաղութիւնէն որ կու գայ չարէն` սատանայէն որ թէեւ ''քեզ երջանիկ կը դարձնէ սակայն անցողական է'' որովհետեւ սատանան միշտ խաբեբայ է։  Մինչ Յիսուսի պարգեւած  խաղաղութեան պտուղը երջանկութիւնն է­, նոյնիսկ եթէ այդ խաղաղութեան ճանապարհը կ՛անցնի խաչի ճանապարհէն։

Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց 21-րդ դարու եկեղեցւոյ երջանկութեան նշաններուն յայտնելով թէ  Սուրբ Հաղորդութեան երիտասրադաց շարժումը մաս է այդ նշաններուն...ապա շեշտը դրաւ սերունդներու միջեւ գոյացած լարուածութիւններու մասին անդրադառնալով նաեւ մեծ Հայրերու ու մեծ մայրերու դերին մասին, որոնք ըսաւ ան ''մոռցուած են'' թէեւ անոնք կը ներկայացնեն ընտանիքին, հասարակութեան ու  հաւատքի յիշողութիւնը, ու հրաւիրեց ներկաները զրուցելու իրենց մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու հետ որոնք իմաստութեան աղբիւր են։

Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ապա Յիսուսի հետ բարեկամական կապի մասին որ երկու անձերու միջեւ բարեկամութիւն մըն է ու ասոր համար հարկ է Յիսուսը փնտռել առօրեայ կեանքին մէջ ու Անոր ընդառաջել կարիքաւորներու ընդմէջէն։ Յիսուսի հետ հանդիպումը միշտ կը յառաջացնէ զարմանք, ուրախութիւն եւ անդորրութիւն  յիշեցուց Քահանայապետը  մատնանշելով վերջին ընթրիքին  Յիսուսի խօսքերուն ''Այս ըրէք իմ յիշատակիս համար''։  Այս է պատգամը զոր Յիսուս մեզի թողուց եւ որ կ՛իրականացուի Սուրբ Զոհի ընթացքին, ''յիշատակի շնորհքը'' որ կը գտնուի Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, ուր ներկայ է Յիսուս` որ իր կեանքը տուաւ ինծի համար, իմ փրկութեանս համար։  Այս մտաբերումով է որ կարելի խորացնել Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի իմաստը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.