2015-08-07 09:24:00

Հայաստանի ոստիկանութիւնը մուրացկան երեխաներու համարկման համար ռազմավարութիւն կը մշակէ


Հայաստանի ոստիկանութիւնը թափառաշրջիկ եւ մուրացկան երեխաներու համարկման համար ռազմավարութիւն պիտի մշակէ: Ձեռնարկներու համապատասխան ծրագիրը երէկ վաւերացուեցաւ  կառավարութեան նիստին ընթացքին:

1997 թուականէն ի վեր ոստիկանութիւնը  նման 300 երեխայ հաւաքած է փողոցներէն: Այսուհանդերձ անոնցմէ շատերը կրկին փողոց կ՛իջնեն, որովհետեւ բարոյապէս եւ ընկերային մակարդակի վրայ անապահով ընտանիքներու մէջ երեխաները նման քայլի մը յաճախ կը դրդեն անոնց ծնողները: Ռազմավարութեան ծիրին մէջ կը մշակուին երեխաներու կրկնակի հակաընկերային վարքի կանխարգիլման մեքանիզմներ, ինչպէս նաեւ անբարենպաստ պայմաններու մէջ յայտնուած երեխաներու վերադաստիարակման միջոցներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.