

(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆի մէջ 15 Օգոստոս 2015 թուականէն սկսեալ, 54 օր անընդհատ աղօթքներ կը կատարուին ամուսnութեան ու ընտանիքին համար։ ԱՄՆի Աւետարանութեան ի խնդիր Առաքելութեան Ս. Վարդարանի ընկերակցութիւնը կազմակերպած է 54 օր տեւողութեամբ անընդհատ աղօթք` ամուսնութեան ու ընտանիքի դիտաւորութեամբ, 15 Օգոստոսէն մինչեւ 7 Հոկտեեմբեր` Աստուածածնայ Վերափոխման տօնէն մինչեւ ս. Վարդարանի տօնին օրը։
ԱՄՆի բոլոր եպիսկոպոսներուն ուղղած պատգամով Գերապայծառ Listecki կ’ընդգծէ որ հոգեւոր տագնապին ու մշակութային անկումին ի տես, ամէնքս պէտք ունինք Մարիամի բարեխօսութեան ու միջնորդութեան յատկապէս այս օրերուն երբ կը պատրաստուինք ֆիլատելֆիոյ մէջ տօնախմբելու ընտանիքի համաշխարհային օրը, ու յառաջիկայ 4 - 25 հոկտեմբեր 2015, Ֆրանչիսկոս Պապի գլխաւորութեամբ կատարուելիք ընտանիքի մասին եպիսկոպոսներու ժողովը։
Գերապայծառ Listecki պատգամին մէջ խնդրած է նաեւ աղօթել աշխարհի խաղաղութեան, մարդկային կեանքի պաշտպանութեան ու կրօնական ազատութեան համար։
Ամերիկացի եպիսկոպոսները, յուսով են որ 54 օրերու տեւողութեամբ աղօթքները լսելի ըլլան ու նպաստեն երկրին հոգեւոր վերանորոգումին՝ Աստուածածնայ բարեխօսութեամբ։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |