2015-08-06 15:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Թող աշխարհը լուռ չի մնայ քրիստոնեաներու հալածանքներուն ի տես՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) 6-9 օգոստոս 2015-ին, Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր Քարտուղար, Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ, ընդառաջելով Երուսաղեմի Լատին Պատրիարք`  գերերջանիկ Ֆուատ Թուալի եւ Յորդանանի Պատրիարքական փոխանորդ  Գերապայծառ Մարուան Լահամմի հարւէրին, կը գտնուի Յորդանանի մէջ։ Իր կեցութեան ընթացքին   Գերապայծառ Կալանթինօ, այցելութիւն  պիտի կատարէ գաղթականներուն  վերապահուած  վայրերուն։

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց Յորդանանի Պատրիարքական Փոխանորդին որուն մէջ  յայտնած է. ''Շատ անգամ, ուզեցի ձայն տալ  դաժան, տմարդկային ու անբացատրելի հալածանքներ կրողներու  աղերսին, յատկապէս քրիստոնեաներուն,  որոնք յաճախ զոհ են ծայրայեղականութեան եւ անհանդուրժողականութեան, ստէպ՝  բոլորին աչքերուն առջեւ ու անոնց լռութեամբ։

Անոնք այսօրուայ նահատակներն են, որոնք նուաստացումի եւ խտրականութեան ենթարկուած են իրենց Աւետարանի հանդէպ ունեցած  հաւատարմութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց, թէ իր այս նամակը ''կ՝ուզէ ըլլալ նշան` եկեղցւոյ մը որ երբեք չի մոռնար եւ չի թողուր իր զաւակները, որոնք աքսորուած են իրենց դաւանած հաւատքի պատճառով։ Անոնք թող գիտնան թէ իրենց համար ամէն օր աղօթք  կը բարձրանայ առ աստուած, անոնց ընծայած վկայութեան համար մեր երախտապարտութեան հետ միասին։

Կը յիշեմ նաեւ այն հասարակութիւնները, որոնք աքսորուած մեր այս եղբայրներուն՝ բեռը կռեցին՝ առանց իրենց հայեացքը դարձնելու այլուր գրեց Քահանայապետը հաստատելով թէ  ''Դուք՝ կը հռչակէք Քրիստոսի Յարութիւնը, հազարաւոր փախստականներուն ցուցաբերուած  ցաւի բաժնեկցութեամբ եւ զօրակցութեամբ։ 

Թող Տէր վարձատրէ ձեզ, այնպէս  ինչպէս միայն Ինք գիտէ, իր պարգեւներու առատութեամբ։  Թող միանգամայն աշխարհի հանրային կարծիքը դառնայ աւելի ուշադիր,  զգայուն ու մասնակից դառնայ Քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքներուն ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ հալածանքներուն։

Կը նորոգեմ մաղթանքս որ Միջազգային հասարակութիւնը համր ու խուլ չձեւանայ ի տես անընդունելի ոճիրին որ կը ներկայացնէ մարդու իրաւունքի մտահոգիչ շեղում ու արգելք կը հանդիսանայ ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ կրօններու խաղաղ համակեցութեան։

Խնդրեց աղօթեցքէք ինծի համար ։Թող Տէրը օրհնէ ձեզ եւ  Տիրամայրը ըլլայ ձեզի ապաւէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.