2015-08-06 09:12:00

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի շուրջ հասարակաց մօտեցում տակաւին գոյութիւն չունի» կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ Մալեզիոյ մէջ ունեցած իր հանդիպումէն ետք, որ այս շաբթուան ընթացքին իր տեսակին մէջ երկրորդն էր, յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ չեն կրցած համաձայնիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վերաբերեալ հասարակաց մօտեցումի մը շուրջ:

«Բոլորս ալ համաձայն ենք, որ ՏԱՀԵՇ հասարակաց սպառնալիք մը, հասարակաց չարիք մըն է: Համաձայն ենք, որ պէտք է այս երեւոյթին դէմ պայքարելու համար կարելի եղածին չափ շուտ եւ ազդու կերպով մեր ջանքերը միացնենք», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ ներկայիս այդ առնչութեամբ միացեալ մօտեցում մը չկայ` «նկատի ունենալով գետնի վրայ տարբեր դերակատարներու միջեւ, ներառեալ սուրիական ընդդիմութեան զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ դիմակայութիւնը», ընդգծեց Լաւրով:

Լաւրով նշեց, որ Քերրիի հետ համաձայնած են, որ երկու երկիրներէն պաշտօնատարներ շարունակեն միասնաբար աշխատիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար հասարակաց ռազմավարութիւն մը գտնելու ուղղութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ անոնք նաեւ քննարկած են Ուքրանիոյ տագնապը եւ այն քայլերը, որոնք պէտք է առնուին ամբողջական կերպով գործադրելու համար Մինսքի համաձայնութիւնը:

Նշենք, որ Քերրի եւ Լաւրով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպում մը ունեցած էին երկուշաբթի օր` Քաթարի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Քաթարի հանդիպումին ընթացքին ժողովին մասնակիցները «սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումի մը կարիքը եւ այդ լուծումին հասնելու համար  ընդդիմադիր խմբաւորումներու ստանձնելիք կարեւոր դերակատարութիւնը ընդունեցին»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երեքշաբթի օր յայտնեց, որ Քաթարի եռակողմանի հանդիպումին գլխաւոր նիւթերէն մէկը եղած է «հակաահաբեկչական լայն ճակատի» մը կազմութեան հարցը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.