2015-08-06 08:28:00

Հիրոշիմայի ողբերգութեան 70-րդ տարելիցը


(Ռատիօ Վատիկան) 6 Օգոստոս 2015 սկիզբ կ՛առնեն ճափոնի ու համայն աշխարհի մէջ Հիրոշիմայի եւ ապա Նակազաքիի  միջուկային ռմբակոծումներու 70-րդ տարեդարձի ոգեկոչման արարողութիւնները։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչները ձեռնարկած են ուխտագնացութիւն մը դէպի Հիրոշիմա եւ Նակազաքի, երկու քաղաքներ որոնք թիրախ եղած են միջուկային ռմբակոծումներու։

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 7 երկիներու ներկայացուցիչները պիտի այցելեն Հիրոշիմա եւ ապա Նակազաքի վերակոչելու 6 եւ ապա 9 Օգոստոս 1945-ին  միջուկային ռմբակոծումը. Հանդիպումներ պիտի ունենան վերապրողներու հետ ու միջազգային հասարակութենէն պաշտօնապէս պիտի պահանջեն  հրաժարիլ միջուկային զէնքի արտադրումէն։

Մարդասիրական այս նախաձեռնութեան արդէն  յարած են 113 երկիրներ։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը  մղիչ ոյժ մըն է յիշեցնելու ահ ու սարսափը միջուկային զէնքին, մաղթելով  որ  բնաւ երբեք չդիմել մահաբեր այս զէնքին։

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը տիար Isabel Apawo Phiri կը նպատակադրէ արթնցնել խիղճերը ու պայքարիլ հասարակաց բարիքին ի նպաստ։ Արարողութեան մասնակցած Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Աբեն ըսած է, որ Ճափոնը յատուկ պատասխանատուութիւն  ունի՝ միջուկային զէնքին վերջ տալու գործընթացի ծիրէն ներս: 








All the contents on this site are copyrighted ©.