2015-08-05 09:46:00

Սուրբ Հաղորդութեան երիտասրադաց շարժումի երիտասարդները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի առաջին հարիւրամեակի առթիւ, Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի երիտասարդները 4 օգոստոսէն սկսեալ ժամանած են Հռոմ `մասնակցելու Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումի միջազգային հանդիպումին որ կ՛եզրափակուի 7 օգոստոս 2015-ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ հանդիպումով։

Սուրբ Հաղորդութեան երիտասարդաց շարժումը Յիսուսեան միաբանութեան նախաձեռնութիւն է որ ներկայ է աշխարհի 56 երկիրներուն մէջ եւ ունի մէկ միլիոն եւ 100 հազար` 5 – 25 տարեկան երիտասարդ հետեւորդներ`  ։

''Որպէսզի ուրախութիւնը ձեր հետ ըլլայ'' այս է միջազգային հանդիպումի բնաբանը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ազգային 38 պատուիրակութիւնները ներկայացնող  1500 երիտասարդներ եւ որ յատկանշուած է աղօթքի եւ ամփոփումի պահերով, դասախօսութիւններով, գետնադամբաններու այցելութեամբ եւ տօնախմբութեան նախաձեռնութիւններով։

Հաւաքին կեդրոնական նիւթը ուրախութիւնն է եւ ամէն մէկ օրը վերապահուած ուրախութեան հայող յատուկ նիւթի ինչպէս. ''միասնաբար գտնուելու  ուրախութիւնը'', ''առաքելութեան ուրախութիւնը'', Աստուծոյ Ժողովուրդ ըլլալու ուրախութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.