2015-08-04 13:12:00

Ողորմութեան ս. Տարւոյն ուխտաւորները հրաւիրուած են այցելել Հռոմի գետնադամբանները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան ս. Տարւոյն ընթացքին, որ սկիզբ պիտի առնէ` 8 Դեկտեմբեր 2015ին, Վատիկանը կը հրաւիրէ ուխտաւորները այցելելու Հռոմի գետնադամբանները, որպէս կարեւոր անցք մը։ Նշենք որ Միջին դարուն Հռոմի դամբանները արդէն նկատուած էին որպէս ուխտագնացութեան վայր պատուելու ու մեծարելու նահատակները։ Հռոմի մէջ կան 60 գետնադամբաններ, տարածուած 600 քլմդ. Անոնցմէ նշենք  San calisto գետնադամբանը Via Appia Antica-ի  վրայ ուր տասնեակ նահատակներ թաղուած են, որոնց շարքին` սրբուհի  Չեչիլիա եւ ս. Թարչիզիուս, նոյնպէս 16 Քահանայապետեր ու բիւրաւոր քրիստոնեաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.