2015-08-04 09:49:00

ՄԱԿ-ի երկիրները յանձնառու պայքարելու աղքատութեան դէմ։


ՄԱԿ-ի անդամ երկիրները 2 օգոստոսին համաձայնութիւն գոյացուցած են 2015-էն ետք ժամանակաշրջանին մէջ համաշխարհային զարգացման օրակարգին շուրջ: Ինչպէս կը սպասուէր, 29 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթը, որուն շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուէին աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, սեպտեմբերին պիտի հաստատուի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին ընթացքին:

Օրակարգին մէջ նշուած են կայուն զարգացման 17 նպատակներ` նախատեսուած 15 տարուան համար: Անոնց ամէնէն առաջինը կը նախատեսէ «աղքատութեան համատարած վերացում` իր բոլոր դրսեւորումներով»: Ատոր կը յաջորդեն, մասնաւորաբար «սովի վերացումը, պարենային անվտանգութեան ապահովումը» եւ առողջ կենսակերպը, սեռերու հաւասարութիւնը, յուսալի եւ կայուն ուժանիւթի հասանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ կայուն տնտեսական աճը, որ կը նախատեսէ աշխատատեղերու ստեղծում: Կայուն զարգացման նպատակներու իրականացումը պիտի պահանջէ ընկերային-տնտեսական զարգացման մարզի 170 առաջադրանքներու կատարում:

Նոր օրակարգը կը հիմնուի «Հազարամեակի զարգացման նպատակներ»-ու յաջողութեան վրայ, որոնց իրականացումը միջազգային ընտանիքին արտօնեց աղքատութենէն դուրս բերել աւելի քան 700 միլիոն մարդ: 2000-ին որդեգրուած ութ Կայուն զարգացման նպատակները կը ներառէին աղքատութեան, սովի, հիւանդութիւններու, սեռերու անհաւասարութեան դէմ պայքարի մարզի խնդիրները եւ ջուրի ու սննդեղէնի հասանելիութեան ապահովումը:

Օրակարգի անբաժանելի մասն է նաեւ կլիմայի վերաբերեալ նոր համաձայնագիրը, որ կը ծրագրուի որդեգրել տարուան վերջաւորութեան` Փարիզի մէջ: Անիկա պիտի փոխարինէ Քիոթոյի արձանագրութիւնը եւ պիտի նախատեսէ դէպի մթնոլորտ ջերմոցային կազերու արտանետումները կրճատելու միջոցառումներ:

«Մենք վճռականութեամբ լեցուն ենք` այս սերունդի կեանքի ընթացքին մարդկութիւնը ազատելու աղքատութեան ճիրաններէն, եւ կ’ուզենք մեր մոլորակը բուժել եւ պաշտպանել յանուն ներկայ եւ ապագայ սերունդներու: Մենք տրամադրուած ենք ձեռնարկել համարձակ քայլերու, որոնք կենսականօրէն անհրաժեշտ են աշխարհը կայուն ապագայի ուղի դուրս բերելու համար: Բոլորս միասին բռնելով այդ ուղին` մենք կը խոստանանք, որ ոչ ոք ետ պիտի մնայ», ըսուած է փաստաթուղթի ներածականին մէջ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունած է երկիրներու կողմէ կայուն ընկերային-տնտեսական զարգացման նոր ծրագիրի շուրջ համաձայնութեան գոյացումը: «Ատիկա օրակարգ է մարդոց համար, աղքատութեան բնաջնջման գործողութիւններու ծրագիր` ատոր բոլոր չափանիշներով` անվերադարձ, համատարած, եւ ետեւ ոչ ոք ձգելով: Ատիկա նպատակամղուած է խաղաղութեան ապահովման եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ գործընկերութիւններու ստեղծման` ի շահ մարդոց եւ մոլորակին», նշած է ան:

Ըստ անոր, սեպտեմբերին, երբ փաստաթուղթը ընդունին, սկիզբ պիտի դրուի «կայուն զարգացման նոր դարաշրջանին, ուր աղքատութիւնը արմատախիլ պիտի ըլլայ, բարիքները ընդհանուր պիտի ըլլան, իսկ կլիմայի փոփոխութիւններու հիմնական պատճառները պիտի յաղթահարուին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.