(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան երրորդ տարուան առթիւ Վատիկանի մետաղադրամի վրայ պիտի հրատարակուի սրբուհի Թերեզա Տավիլայի դիմագիծը զոր պիտի փոխարինէ Քահանայապետինը։ Սոյն որոշում մը առնուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն, տօնախմբելու սրբուհիին ծննդեան 5-րդ դարադարձը (1515-1582)։
Սրբուհի Թերեզայի դարադարձին առթիւ` Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է միջ-համալսարանական գիտաժողովի մասնակցողներուն որոնք 1-3 Օգոստոս Սպանիայի Ավիլա քաղաքին մէջ համախմբուած են ''Սրբուհի Թերեզա Տավիլա կեանքի վարդապետ'' նիւթին մասին զրուցելու եւ խորհրդածելու համար։ Այս առթիւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` կարդինալ Փարոլին յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ավիլայի միջ-համալսարանականներու գիտաժողովի մասնակցողներուն գրեց. ''Սրբուհի Թերեզա Տավիլան կրնանք ճանչնալ անոր մտածականներու ընդմէջէն։ Ան ճանչցուած է որպէս ''աղօթքի վարդապետը’’։ Աղօթքը հիմն է կեանքի ու աղբիւրը հարազատ արժէքներու ճշմարիտ գիտութեան''։
Գիտաժողովի բացումին Ավիլայի առաջնորդը` գերապայծառ Jesús García Burillo կարդաց Սրբազան Քահանայապետին պատգամը։
Գիտաժողովին մասնակցեցան 26 երկիրներէ եկած 450 անձեր։ Գիտաժողովին նպատակն է Սրբուհի Թերեզա Տավիլայի ծննդեան 5-րդ դարադարձի ոգեկոչումը։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ Սրբուհիին օրինակին հետեւելով, կաթողիկէ համալսարաններուն մէջ կազմուին Աստուծոյ զօրաւոր բարեկամները, այնքան կարեւոր` դժուար այս պայմաններուն մէջ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |