2015-08-03 09:54:00

Ողորմութեան տարւոյն ընթացքին ընդհանուր ունկնդրութիւններ նաեւ շաբաթ օրերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Օգոստոս ամիսով կը վերսկսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հանրային հանդիպումները։ Յառաջիկայ երեքշաբթի օրը Նորին Սրբութիւնը`  ս. Պետրոս հրապարակի վրայ հանդիպում պիտի ունենայ սուրբ խորանի ծառայող գերմանախօս աւելի քան 9 հազար սպասաւորներու հետ։ Մինչ չորեքշաբթի 5 Օգոստոսին կը վերսկսին, Յուլիս ամսուայ ընթացքին ընդհատուած չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնները, որ աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն համար, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումի սպասուած ժամադրութիւն մըն է։

Ուրբաթ 7 Օգոստոսին Սրբազան Հայրը պիտի ընդունի երիտասարդական ս. Հաղորդութեան շարժումը մինչ 26 Օգոստոսի ընդհանուր ունկնդրութիւնը` պիտի հանդիսանայ  ֆրանչիսկոս Քահանայապետին 100 հրապարակային ունկնդրութիւնը ։

Քահանայապետական Տան տուեալներուն համաձայն աւելի քան 3 միլիոն հոգիներ մասնակցած են հրապարակային ունկնդրութիւններուն։ Ունկնդրութիւններու կարեւորութեան մասին` որ կը յատկանշեն  Հովիւի եւ ժողովուրդի միջեւ հանդիպումը Քահանայապետական Տան կառավարիչը` գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն  հետեւեալը յայտարարած է Ռատիովատիկանին.

''Ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու համար ուղղակի հանդիպումը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ուրախութեան եւ հրճուանքի առիթ է, որուն ազդեցութիւնը ցկեանս կը  մնայ։ Այդ հանդիպումին ընթացքին ներկաները կը լսեն Աստուծոյ խօսքը, կ՛ապրին  գեղեցիկ մթնոլորտ մը, կը նշմարեն Քահանայապետին ուրախ մասնակցութիւնը ու բնական շփումները մանուկներու, հիւանդներու ու ծերերու հետ։ Ասիկա մեծ շնորհք մըն է, ասիկա բնատուր մեծ յատկութիւնն է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին - ըսած է քահանայապետական տան կառավարիչը որ ապա յայտնած է թէ  ''ողորմութեան տարւոյն'' ընթացքին կը նախատեսուի այլ ընդհանուր ունկնդրութիւն մը, ամիսը անգամ մը, շաբաթ օրով եւ պիտի ունենայ որպէս յատկանիշ ողորմութեան յոբելենական տարին։

Գերապայծառ  Կէորկ Կէյնզուէյն որպէս քարտուղար Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, ապա յայտնեց թէ  ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պնդումի վրայ երբեմնի Քահանայապետը երկու շաբաթ անցուց Castel Gandolfo-ի ամարանոցին մէջ։ Երբ հոն հասանք հրապարակի վրայ հոծ բազմութիւն մը ջերմ խանդավառութեամբ ընդունեց Պենետիկտոս ԺԶ-ը որ գոհունակութեամբ համապատասխանեց ընդունելութեան։ Վաստակաւոր Քահանայապետը երկու շաբաթներ անցուց Քահանայապետական ամարանոցին մէջ ու կազդուրուեցաւ։

Գերապայծառ Կէյնզուէյն հուսկ յայտնեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը  իր առօրեան կ՛անցնէ աղօթքով, խորհրդածութեամբ ու ընթերցումներով։ Պենետիկտոս ԺԶ Օգոստոս ամիսը պիտի անցնէ իր  քահանայ եղբօր հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.