2015-08-03 10:19:00

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը դատապարտեց Պաղեստինցի նորածինին ողջակիզումը։


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց Այսրյորդանանի մէջ Նապլուսի մօտ գտնուող Տումա գիւղին մէջ պաղեստինցի նորածին Ալի Տաուապշէի ողջակիզումը:

Ապահովութեան խորհուրդը արտայայտեց իր «զայրոյթը բնակեցուածներուն գործած ահաբեկչական ոճիրին նկատմամբ», եւ իսրայէլացիներուն ու պաղեստինցիներուն կոչ ուղղեց «հանդարտութեան, մագլցումէ զգուշանալու եւ խաղաղութեան հոլովոյթը կենդանացնելու աշխատանք տանելու»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին դատապարտեց Ալի Տաուապշէի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն ողջակիզումը: Ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք փոխանցեց, որ Պան Քի Մուն յայտնած է. «Բնակեցման քաղաքականութիւնը եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ բնակարաններ քանդելը կը քաջալերեն այսպիսի արարքները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.