2015-08-01 08:56:00

2015-ի Օգոստոս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


 (Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող բնաբաններով, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։

2015-ի Օգոստոս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի` անոնք որոնք կը գործեն կամաւորական աշխարհէն ներս յանձնառու ըլլան վեհանձնութեամբ ծառայելու կարիքաւորներուն''։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի մենք մեզմէ դուրս ելլելով գիտնանք մօտիկ ըլլալ անոնց հանդէպ որոնք կը գտնուին մարդկային եւ ընկերային յարաբերութիւններու արուարձաններուն մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.