2015-07-30 09:29:00

Քիրիլ պատրիարքին կոչը Փութինին եւ Փորոշենքոյին դադրեցնելու արիւնահոսութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ցաւատանջ սրտով եւ յանուն ռուս օրթոտոքս եկեղեցւոյ` Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքը խնդրեց դաշնակցային Ռուսիոյ եւ Ուկրանիոյ նախագահներէն վերջ տալ արիւնահոսութեան։ Կիւրեղ պատրիարքը սոյն նմանակը ուղարկած է սուրբ Վլատիմիրի մահուան հազարամեակին առթիւ` 28 յուլիս 1015­.

Յայտնենք որ ս. Վլատիմիր նկատուած է ռուս եւ ուկրային ժողովուրդներէն` առաքեալներու համահաւասար իշխան մը քանի ան ճանչցուցած է Ռուս ժողովուրդին քրիստոնէութիւնը ու մկրտուել տուած է եւ հիմը դրած է ռուս եւ ուկրային ժողովուրդներու հոգեւոր միութեան բոլորին սորվեցնելով քրիստոնէական սէրն ու ներումը։ Պատրիարքը նամակին մէջ խնդրած է թշնամութեան լրիւ դադարումը, Մինսքի համաձայնագիրին խիստ կիրակումը ու երկու պետութիւններու միջեւ ուղակի երկխօսութեան հաստատումը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.