2015-07-29 08:21:00

Նախագահ Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը Գիրգոր - Պետրոս Ի կաթողիկոս-պատրիարքին


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին:

Նախագահը իր ուղերձին մէջ հաստատած է, որ անգնահատելի է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերը հայապահպանութեան եւ հայ  ժողովուրդի միասնութեան գործին մէջ: Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ նորըտիր կաթողիկոս պատրիարքը եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին պիտի շարունակեն ջանքեր ներդնել` հասնելու հայութեան, մասնաւորապէս` Միջին Արեւելքի հայութեան առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներու լուծման:








All the contents on this site are copyrighted ©.