2015-07-29 08:52:00

''Մէկ Սիրտ'' բարեգործական մարմինը ի սպաս Սուրիոյ եւ Իրաքի ընչազուրկներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` ''Cor Unum` Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական մարմնէն խնդրած է որ իրենց նախընտրութիւնը կեդրոնացնեն ընչազուրկներու վրայ։ Այս պատճառաւ Վատիկանի  բարեսիրական մարմինը կը նախատեսէ կազմակերպել երկու մեծ դէպքեր.

Առաջինը` 17 Սեպտեմբեր 2015-ին. Խորհրդաժողով մը Հռոմի մէջ, համակարգելու Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն ի նպաստ գործող կաթողիկէ բարեսիրական մեծ մարմիններու գործունէութիւնը։ Երկրորդ`  25 եւ 26 Փետրուար 2016-ին,  ‘’Աստուած սէր է’’ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի շրջաբերական թուղթի հրատարակումին 10-րդ  տարեդարձին առթիւ, մեծ հաւաք մը։ Գերապայծառ Ճովաննի Տալ Թոզօ` Cor Unum բարեսիրական մարմնին քարտուղարը ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթի ընթացքին յայտնեց որ անցեալ հոկտեմբերին Սուրիա այցելած էր եւ հանդիպում ունեցած էր  եպիսկոպոսներուն հետ ''լաւագոյնս կազմակերպելու եւ օգնութեան հասնելու ընչազուրկ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն''։ Բնականաբար կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառումը բոլոր բնակչութեան ի սպաս է` առանց խրատականութեան, յայտնած է միշտ գերապայծառ Տալ Թոզօ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛աշխատի ելք մը գտնել Սուրիոյ եւ Իրաքի պատերազմին, որ վերջին այս չորս տարիներուն պատճառ եղաւ աւելի քան 220 հազար հոգիներու  սպանութեան եւ անհամար ընտանիքներու տառապանքին, քայքայումին ու տեղահանումին։ Նորին Սրբութիւնը կ՛աշխատի վերջ դնել այս եղբայրասպան իրավիճակին։

Փետրուար 2016-ի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հռոմի Պիոս Ժ պալատին մէջ, որուն պիտի մասնակցին կաթողիկէ բարեսիրական մեծ մարմիններու պատասխանատուները։








All the contents on this site are copyrighted ©.