2015-07-28 09:25:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ կիրակի` 26 Յուլիսին, Սպանիայի մէջ տօնախմբուեցաւ մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու տօնը։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց որուն մէջ գրեց. ‘’հարկաւոր է հաւատքը հաստատել Տիրոջ մօտենալով։ Ան բնաւ մեզ առանձին չթողուր’’։

Նորին Սրբութիւնը իր համոզումը  յայտնեց որ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը կարող են սատարել իրենց իմաստութեամբ ու իրենց գուրգուրանքով` ընտանիքին մարդկային աճումին։ Քաջալերական այս բառերով Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղեց սպանացի բոլոր մեծ հայերուն ու մեծ մայրերուն, կազմակերպիչներուն ու տօնակատարութեան մասնակցողներուն։

Սրբազան Քահանայապետը նոյնպէս յայտնեց իր զօրակցութիւնը ու նեցուկը բոլոր անոնց որոնք հոգատարութեամբ ու սիրով կը խնամեն ծերերը, նպաստելով ընկերութեան հասարակաց բարիքին։ Ամէն տարի սպանական “Edad Dorada-Mensajeros de la Paz” Կաթողիկէ ընկերակցութիւնը կ՛ոգեկոչէ, մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու օրը` Յիսուսի մեծ հայր ու մայր`սուրբ Յովակիմի ու սրբուհի Աննայի տօնին առթիւ, ի պաշտպանութիւն ծերերու։

Տօնախմբութեան նպատակն է գիտակից դարձնել ընկերութիւնը` յարգելու տարեցները, ու գնահատելու մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու նուիրումը ընտանիքին, հուսկ ընկերութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել տարեցներու պահանջներուն։

Այս տարի մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու պաշտօնական տօնախմբութիւնը կատարուեցաւ Մատրիտ մայրաքաղաքին մէջ։ Սեկովիայի թեմի վաստակաւոր առաջնորդ` գերապայծառ Luis Gutiérrez Martín պատարագ   մատոյց ս. Անտոնի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, որուն աւարտին  կարդացուեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը ու ներկաներուն  տրուեցաւ անոր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.