2015-07-28 08:54:00

Սուրիոյ ժողովուրդը թիրախ է աղքատութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աղքատութեան ականը մեծագոյն սպառնալիքն է որ կը ճնշէ սուրիոյ ժողովուրդին վրայ, առանց հաշուելու անհամար զոհերու ու վիրաւորներու թիւը` թիրախ զինեալ ընդհարումի'', յայտարարած է Ս. Աթոռի առաքելական դեսպան` գերապայծառ Մարիօ Զենարի։

''Բնակչութեան 60 տոկոսը գործազուրկ է, կեանքի սղութիւնը մշտատեւ կը բարձրանայ, աղքատութեան ականը կը հարուածէ բոլոր բնակիչները'' ըսած է ապա Ս. Աթոռի դիւանագէտը Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, մատնանշելով որ  դրացի երկիրներ  գաղթած սուրիացիներու թիւը չորս միլիոնէ աւելի է, առանց հաշուելու երկրէն ներս տեղահան եղած աւելի քան 7,5 միլիոն սուրիացիները։ ''Հարկաւոր է քաղաքական շտապ լուծում մը գտնել'' յայտնած է ապա գերապյծառ Զենարի կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան` աւելի ջանք թափելու Սուրիոյ հարցին նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.