2015-07-28 09:08:00

Էջմիածնի մէջ օրհնուեցաւ համահայկական 6-րդ խաղերու ջահը


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ երկուշաբթի, 27 յուլիսին,  տեղի ունեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահի օրհնութեան արարողութիւնը:

Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան եպս. Նաւասարդեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ «օրը խորհրդանշական է, քանի որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակին սփիւռքէն, Արցախէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահերը ուխտագնացութեամբ բերուած են` իմաստաւորուելու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ վառող ջահին միջոցով»: Սրբազանը նաեւ աւելցուց, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ օրհնուելիք ջահերը միութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշներ են:

Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի եւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիներէն բերուած ջահերը միացան իրարու: Միացեալ ջահը  վառեց 1988 թուականի Սէուլի 24-րդ ողիմպիական խաղերու ախոյեան, ծանրամարտիկ Օգսէն Միրզոյեան:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ` միասնական Տէրունական աղօթքով սկսաւ համահայկական ջահի օրհնութեան կարգը:

«Սրտի գոհունակութեամբ կը նկատեմ, որ արդէն աւանդական դարձած Համահայկական խաղերը տարուէ տարի կ՛ընդարձակեն իրենց սահմաններն ու մասնակիցներուն թիւը: Բոլորիս համար մեծ խորհուրդ ունի, որ այսօր Անթիլիասէն, Շուշիէն եւ  Աղթամարէն բերուած ջահերը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կը միանան եւ կը բոցավառին մէկ ջահի մէջ: Ամէն հայ, ուր ալ ապրի, մկրտութեան դրոշմին հետ հոգիին մէջ կը կրէ Սուրբ Էջմիածինի եւ  Արարատի պատկերը` իբրեւ իր հայ ինքնութեան անբաժանելի մաս եւ խորհրդանիշ մեր ժողովուրդի միութեան եւ միասնականութեան», ըսաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը` նշելով. «Տարակոյս չունինք, որ Համահայկական խաղերը պիտի շարունակեն ամրապնդել մեր ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութիւնը` զօրաւոր այն ուժը, որուն միջոցով պիտի կարենանք յաղթահարել ազգային եւ հայրենական մեր կեանքին մէջ առկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.