2015-07-28 09:39:00

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան շնորհաւորական գիրը նորընտիր Պատրիարքին


Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.

Կաթողիկոս Պատրիարք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Պէյրութ,Լիբանան

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր,

Ուրախութեամբ իմացանք որ Յուիլս 24, 2015, Զմմառու աթոռանիստ մայրավանքի մէջ համախմբուած,Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդսական հայրերը ձեզ ընտրած են Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց 20րդ Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Կը շնորհաւորենք ձեզ եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին։Ներկայ աշխարհին մէջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի տագնապալից օրերուն մէջ մասնաւորապէս,ձեր ընտրութիւնը կուգայ երբ ժամանակները լեցուն են շատ մը մարտահրաւէրներով։ Այս իմաստով նաեւ ձեր պատասխանատուութիւնները աւելի եւս կը ծանրաբեռնուին։

Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնները աշխարհով մէկտեղ եւ Միջին Արեւելքի ու Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին մէջ,նաեւ անձնապէս,միշտ ալ շատ մօտէն գործակցած ենք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համայնքին հետ։ Կ՚աղօթենք մեր Երկնաւոր Հօր առաջնորդութեանը ձեզի համար, ձեր այս պատասխանատու առաքելութեանը մէջ՝նաեւ շարունակելով մեր գործակցութիւնը եւ աջակցութիւնը ձեր եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ-համայնքին հետ։

Յաջողութիւն,ուժ եւ կորով ձեր այս նուիրական ծառայութեանը մէջ՝Քրիստոսի, Անոր Եկեղեցիին եւ Հայ ժողովուրդին համար։

Քրիստոնէական սիրով՝

Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան

Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւն

27 Յուլիս 2015

 








All the contents on this site are copyrighted ©.