2015-07-27 10:33:00

ՔԱԿ յայտարարեց Թուրքիոյ հետ միակողմանի զինադադարի աւարտը


Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) յայտարարեց, որ թրքական օդուժի ռմբաձիգներուն կողմէ հիւսիսային Իրաքի մէջ կուսակցութեան դիրքերուն դէմ կատարուած օդային հարուածներէն ետք, ՔԱԿ-ի կողմէ յայտարարուած միակողմանի զինադադարը «կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը»:

«Բռնագրաւող թրքական բանակի աշխուժ օդային հարուածներէն ետք, այժմ զինադադարը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի», յայտարարած է կուսակցութիւնը:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ թրքական ուժերը շաբաթ օր սկսած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերու դէմ օդային եւ ցամաքային յարձակումներու երրորդ ալիքին` աւելցնելով, որ «ոչ ոք պէտք է կասկածի մեր վճռականութեան հարցին մէջ: Մենք չենք արտօներ Թուրքիան անօրէն երկիր դարձնել», ըսած է ան:

Թուրքիան շաբաթ կանուխ առաւօտուն շղթայազերծած է օդային հարուածներու երկրորդ ալիքը, որուն նպատակը եղած է «ահաբեկչական սպառնալիքները վերացնել»` այս անգամ հարուածելով ոչ միայն Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի, այլ նաեւ` հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերը: Թուրքիոյ ցամաքային ուժերը նաեւ հրետանիով ռմբակոծած են դիրքերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.