2015-07-27 10:28:00

Նուիրեալ երիտասարդներուն համաշխարհային հանդիպումը 15-19 Սեպտեմբեր։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Աշխարհը արթնցուցէք'' այս է պատուէրը որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը տուած է աշխարհի երիտասարդ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն, նուիրեալներու տարւոյն բացման առթիւ։ Եւ այժմ անոնք կը պատրաստուին Հռոմի մէջ հանդիպում ունենալու յառաջիկայ Սեպտեմբեր 15-19։

Հանդիպումը պիտի կեդրոնանայ հետեւեալ բառերու վրայ. ''Աւետարան, մարգարէութիւն, յոյս''։

Հանդիպումին յայտագիրը կը նախատեսէ հաւաքական պահեր, 'անսալու ժամանակ' որ տեղի պիտի ունենայ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։ Իսկ յետմիջօրէին ժողովականներուն առիթ պիտի տրուի հաղորդելու իրենց կեանքի վկայութիւնն ու փորձառութիւնները, ու պատմելու իրենց ուրախութիւններն ու յոյսերը։

Երիտասարդ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու հանդիպումը պիտի սկսի երեքշաբթի 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան  8,30-ին, աղօթքի հսկումով, բաց բոլոր հաւատացեալներուն, ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ, եւ պիտի փակուի շաբաթ օրը, 19 Սեպտեմբերին,  ս. պատարագով` ս. Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան 11,30-ին։

Կրօնաւորական կեանքի կառավարիչ կարդինալ João Braz de Aviz խօսք առնելով Թայլանտիայի մէջ տեղի ունեցած նուիրեալներու գիտաժողովին ըսաւ . ''մենք չենք կարող աւետարանել գործածելով զէնք ու քաղաքականութիւն, այլ պէտք ենք սիրել անձերը ու Քրիստոսը ըլլալու է միշտ կեդրոնը մեր կեանքին''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.