2015-07-27 10:51:00

Իրանցի ժողովուրդը սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ խտրութիւն չի դներ ըսաւ Ռուհանի


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ Իրան պիտի պաշտպանէ շրջանին մէջ գտնուող անիրաւուածները, որոնց դէմ յարձակում կը գործուի, եւ «միասնականութեամբ եւ յարատեւութեամբ ամբողջ շրջանը պիտի ձերբազատէ ահաբեկիչներէն»` աւելցնելով. «Շրջանին մէջ այլ հարցեր եւս կրնանք լուծել բանակցութեանց սեղանին վրայ»:

Ան յայտարարեց, որ իրանցի ժողովուրդը սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ խտրութիւն չի դներ` աւելցնելով, որ անոնք բոլորն ալ իրարու հաւասար եղբայրներ են, իսկ անոնց միջեւ խտրութիւն դնելը մեծ սխալ է:

Անդրադառնալով իր երկրին նկատմամբ օգտագործուող ամերիկեան սպառնալիքներուն` ան ըսաւ. «Այն սեղանը, որուն ետեւէն ամերիկացի պաշտօնատարները կը խօսին, կտրուած ոտքերով է»:

Ռուհանի յայտարարեց. «Իրան ոչ միայն Քիւրտիստան նահանգը պիտի պաշտպանէ, այլ նաեւ Էրպիլն ու Պաղտատը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր կարգին Քուէյթի մէջ իր քուէյթցի պաշտօնակից Խալետ Համատ Սապահի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրն ու քուէյթեան իշխանութիւնները կը դիմագրաւեն հասարակաց մարտահրաւէրներ, զորս պէտք է համագործակցութեամբ դիմակայել: «Մենք բաց ենք եւ մեր ձեռքը կ՛երկարենք այս շրջանի երկիրներուն հետ գործակցութեան համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Շրջանին մէջ ոչ ոք կրնայ շրջանի այլ երկիր մը մեկուսացնել, եւ տարածաշրջանին մէջ ոչ ոք կրնայ փոխզիջումային լուծումի մը մասին մտածել` առանց շրջանի անդամներուն ներկայութեան»:

Ան նշեց, որ Իրանի ուղղուած ամբաստանութիւնները սխալ են եւ անոնց նպատակը Իրանի եւ շրջանի երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը կանխարգիլելն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.