2015-07-25 14:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Հայ կաթողիկէ նորընտիր Պատրիարքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի լուր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարք ի  ընտրութեան,  ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը յղեց որուն մէջ կը յայտնէ իր մեծ ուրախութիւնը եւ նորընտիր Պատրիարք Հօր կը շնորհէ  ‘’եկեղեցական  հաղորդութիւնը’’ խնդրուած նոյնինքն Գրիգոր –Պետրոս Ի-էն։

''Ձեր Պատրիարքի ընտրութիւնը կու գայ ժամանակի մը մէջ, ուր ձեր Եկեղեցին կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ ու նոր մարտահրաւէրներ'' կը գրէ Սրբազան Հայրը  անդրադառնալով այն դժուար պայմաններուն, որուն մէջ կ’ապրին  ներկայիս Միջին Արեւելքի հայ կաթողիկէ հաւատացեալները։ Բայց եւ այնպէս, կը գրէ միշտ Քահանայապետը, լուսաւորուած  Յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքի լոյսով, աշխարհի մեր տեսութիւնը յոյսով եւ ողորմութեամբ լի է, որովհետեւ վստահ ենք որ Յիսուսի Խաչը ծառն է կենսատու։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա կը նշէ թէ ինք համոզուած է որ, Ձեր Գերերջանկութիւնը, սիւնհոդոսական Հայրերու միութեամբ  եւ Ս. Հոգւոյ օգնութեամբ, կարող պիտի ըլլաք ‘’Աւետարանական իմաստութեամբ’’, ‘’Հայր եւ Գլուխ’’ ու Բարի Հովիւը ըլլալ` Աստուծոյ ժողովուրդի այն մասնիկին, որ ձեզի յանձնուեցաւ, բարեխօսութեամբ բազմաթիւ հայ նահատակներու եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի,` Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.