2015-07-25 07:54:00

''Միջին Արեւելքի տագնապի դիմաց անշարժ չմնանք'' կ՛ըսէ գերապայծառ Աուզա։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միջին Արեւելքին ապրած ճգնաժամին դիմաց անշարժ չմնանք ու անկարող չգտնուինք, այլ աշխատինք միացած` հակամարտութիւններու խաղաղ լուծումի մը համար''։ Այս Եղաւ գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզայի` Սուրբ Աթոռի Մակի մօտ մնայուն դէտի պատգամը ուղղուած Նիւ Եորքի ՄԱԿԻ վեհաժողովին, հայող` Միջին Արեւելքին։

Բազմաթիւ հակամարտութիւններէ տառապող ու արիւնլուայ Միջին Արեւելքի մը ի տես չենք կրնար ''անշարժ մնալ'', կարծես թէ միջազգային հասարակութիւնը վարժ դարձած ըլլայ շրջանին մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններուն ու կարողութիւն չունի ''պատշաճ պատասխան'' մը կազմելու - ըսաւ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը ու խօսելով Սուրիոյ հարցին մասին նկատել տուաւ թէ  ''մարդկայնական տագնապէն'' կը տառապին երկրին բնակչութեան կէսէն աւելին, ու թէ այս մէկը կարիքը ունի բոլորին յանձնառումին որպէսզի ''քաղաքական լուծում'' մը գտնուի այդ հակամարտութեան, մէկդի դնելով մասնակի շահերը ի շահ Սուրիոյ ու Սուրիացի ժողովուրդին բարիքին։

Սուրբ Աթոռի Մակի մօտ Պատուիրակը անդրադարձաւ ապա այդպէս կոչուած Իսլամական Պետութեան ահաբեկչական գործողութիւններուն ու այս ուղղութեամբ միջազգային հասարակութեան պատասխանատուութեան որ կանչուած է համագործակցելու որպէսզի հակազդէ այդ ահաբեկչական հոսանքին որ միշտ աւելիով կը տարածուի շրջանի զանազան երկիրներուն մէջ եւ որուն հետեւանքով ''միլիոնաւոր'' անհատներ գաղթականութեան մատնուած են եւ որոնք կարիքը ունին միջազգային զօրակցութեան։

Գերապայծառ Աուզա ապա յարեց թէ Սուրբ Աթոռը մաղթանք կը յայտնէ որ Լիբանանը կարենայ ''իշխանական անկայունութեան'' հարցը լուծել` տրուած ըլլալով որ մէկ տարիէ ի վեր նախագահ ական աթոռը թափուր մնացած է ։ 

Գերապայծառ Աուզա ապա մատնանշեց ''ժողովուրդներու տառապանքներուն'' ու յատկապէս քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն ապրած դժուարութիւններուն ու անոնց դէմ կիրարկուած բռնութիւններուն ու տեղահանումին։

''Քրիստոնեաներու ներկայութեան նուազումը մեծ կորուստ մըն է համայն շրջանին համար'' հաստատեց Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը, քրիստոնեաները այդ հողերուն վրայ կ՛ապրին դարերէ ի վեր եւ յոյս ունին շարունակել իրենց սատարը տալ ներդաշնակ ընկերութեան մը կերտումին, աշխատելով ի սպաս  հասարակաց բարիքին որպէս խաղաղութեան, հաշտութեան եւ զարգացումի երաշխաւորներ։

Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը ապա գնահատանք յայտնեց Իրանի հիւլէականի շուրջ գոյացած համաձայնութեան համար ու մատնանշեց Իսրայէլ-պաղեստին հարցին վերյիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, Սուրբ Երկիր կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, երբ յորդորեց ''քաջութիւն գտնել'' մշտատեւ խաղաղութեան մը հաստատումին համար։

Սուրբ Աթոռի նուիրակը ապա վերահաստատեց թէ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ կրնայ ընթանալ միայն երբ ''կողմերը ուղղակիօրէն բանակցին իրար հետ, միջազգային հասարակութեան օժանդակութեամբ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.