2015-07-25 09:24:00

Ծերակոյտին մէջ Քուպայի հետ յարաբերութիւններու կանոնաւորումի առաջին քայլ։


«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մէկ յանձնախումբը վաւերացուցած է օրէնքի փոփոխութիւնները, որոնց համաձայն, կը վերցուին ամերիկացի քաղաքացիներուն համար Քուպա այցելելու շարք մը սահմանափակումներ:

Պիւտճէական յատկացումներու կոմիտէն թեր քուէարկած է սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու քայլին` վերջնականապէս վերցնելով Քուպա այցելելու սահմանափակումը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն համար, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական գործարքներու սահմանափակումը:

Կը հաղորդուի, որ փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն Ծերակոյտի լիագումար նիստին ընթացքին հաստատուելէ ետք:

Յիշեցնենք, որ ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրօ 50 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բանակցութիւններ վարած են: 20 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու մէջ վերաբացուած է Քուպայի դեսպանութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.