2015-07-24 10:01:00

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսներու կոչը արարչագործութեան պահպանումի ի խնդիր:


(Ռատիօ Վատիկան) Ի պատրաստութիւն Փարիզի` կլիմայի փոփոխութեան միջազգային վեհաժողովին (30 Նոյեմբերէն -  11 Դեկտեմբեր 2015), Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսները յայտարարութիւն մը ուղղած են Աստուծոյ ժողովուրդին որուն մէջ կը  գրեն. ''Մարդ արարածը պահակ է, մատակարար եւ ոչ սեփականատէրը արարչագործութեան''։

Եպիսկոպոսները կ՛ընդգծեն որ կլիմայական փոփոխութիւնները ընկերային արդարութեան հարց մըն են։ Վերակոչելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Laudato si''  շրջաբերական թուղթի գլխաւոր նիւթերը, Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսները կը յիշեցնեն քրիստոնեաներուն պարտականութիւնը` մտահոգուելու բնապահպանութեամբ ու կլիմայի փոփոխութիւններով, անոնք  ուստի կոչ կ’ընեն մօտէն հետեւելու Փարիզի միջազգային ժողովին, որպէսզի անոր նիւթերը շահագրգռեն հասարակութիւնները ու թերաճ երկիրները, ընդգծելով որ կլիմայի փոփոխութեան հարցին առանցքը պէտք է ըլլայ արդարութիւնը։

Եպիսկոպոսները կը մատնանշեն որ հասարակաց բարիքին իմաստը կը ներփակէ ապագայ սերունդներու ապահովութիւնը, առանց մոռնալու որ աշխարհը պարգեւ մըն է որ ձրիաբար ստացանք եւ պարտականութիւնն ունինք զայն կիսելու ուրիշներուն հետ։

Հետեւաբար պէտք է մերժել օգտապաշտ տեսութիւնը ու աշխատիլ զարգացնել սերունդներու միջեւ զօրակցութեան գաղափարը, քանի աշխարհը որ ընդունեցանք կը պատկանի նաեւ մեր յաջորդներուն։ 

ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսները իրենց յայտարարութեան մէջ կը յայտնեն` ''մենք սեփականատէրեր չենք, այլ պահակներ եւ պէտք ենք պաշտպանել բնական հարստութիւնները ոչ միայն մեզի համար այլ եւ ապագայ սերունդներուն համար''։ Այս պատճառաւ է որ եպիսկոպոսները հրաւէր կ՛ուղղեն հաւատացեալներուն այս նիւթին շուրջ գիտաժողովներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպելու հաստատելով թէ իւրաքանչիւր անհատին բարոյական պատասխանատուութիւնն է տեղեկանալ ու մտահոգուիլ այս հարցով։ Անոնք կը հրաւիրեն նոյնպէս ժողովրդապետութիւններն ու եկեղեցական հասարակութիւնները իրենց սատարը բերելու ու յանձնառումով  ներգործելու որպէսզի  հասարակաց բարիքին ի նպաստ տարուած աշխատանքը, կարողանայ ազդեցութիւն ունենալ քաղաքական իշխանութիւններու որոշումներուն վրայ։ 

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսներու յայտարարութիւնը կ՛եզրափակուի յիշեցնելով որ կլիմայի փոփոխութիւնները արդէն վնասեցին որոշ ազգեր, ժողովուրդներ ու հասարակութիւններ ու երբ ընչազուրկները սկսին աղաղակել` մենք պարտական ենք համապատասխանելու անոնց ճիչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.