2015-07-24 09:57:00

Օպամա եւ Էրտողան քննարկած են Թուրքիա-Սուրիա սահմանի անվտանգութեան հարցը


Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած են օտարերկրացի զինեալներուն Սուրիա ներթափանցումը արգելակելու շուրջ եւ քննարկած Թուրքիա-Սուրիա սահմանի անվտանգութիւնը ապահովելու կարելիութիւնները:

Նախագահներուն հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «ղեկավարները քննարկած են համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ջանքերը` օտարերկրացի զինեալներու հոսքը դադրեցնելու եւ Թուրքիոյ ու Սուրիոյ միջեւ սահմանի անվտանգութիւնը ապահովելու հարցերուն մէջ», ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ կայունութեան հաստատման եւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու հասարակաց ջանքերը: Անոնք նաեւ քննարկած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ շարունակուող պատերազմին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Էրտողանի գրասենեակէն այս հարցին վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է Սուրուճի զոհերուն եւ Ուրֆայի մէջ երկու ոստիկաններու սպանութեան համար: «Նախագահ Օպամա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.