2015-07-24 09:41:00

Պելճիքայի Խորհրդարանը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։


Հինգշաբթի, 23 Յուլիսին, Պելճիքայի խորհրդարանի լիագումար նիստը բացարձակ մեծամասնութեամբ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:

Չորեքշաբթի օր սկսած քննարկումները գրեթէ միաձանութեամբ ի պաշտպանութիւն էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին նկատմամբ, որուն դրականօրէն արձագանգած էին Պելճիքայի խորհրդարանի գրեթէ բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Այս բանաձեւին վաւերացումով, Պելճիքայի խորհդարանը կու գայ միանալու երկրի դաշնակցային կառավարութեան ու Ծերակոյտին, որոնք վաղուց արդէն ճանչցած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Բանաձեւի հաստատումը կարելի դարձաւ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան, Հայ Դատի յանձնախումբի Պելճիքայի կառոյցին եւ Պելճիքայի հայութեան յանձնախումբի համակարգուած ճիգերուն շնորհիւ:

Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրատարակած է որուն մէջ ըսուած է. «Դեռ տասնեօթ տարի առաջ Պելճիքային Ծերակոյտը յատուկ բանաձեւով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պելճիքայի վարչապետը Յունիս 18-­ին վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան միանշանակ ճանաչման վերաբերեալ կառավարութեան դիրքորոշումը: Այսօր Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ ընդունուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը կ՛ամբողջացնէ Պելճիքայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը: Ողջունելի է Պելճիքայի Թագաւորութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան աներկբայ ճանաչումը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.