2015-07-24 09:50:00

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ Պաղտատի մէջ։


ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած գլխաւոր ոգեկոչման հանդիսութիւնները՝ պահանջատիրութեան հաւաքները, աշխարհով մէկ արդէն վերջ գտած են, թէեւ քաղաքական այլ տեսակի աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին։
Այսօր, հպարտութեամբ եւ յուզումով բոլորը կը յիշեն վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած յաջող ձեռնարկները. հայրենիքէն սկսեալ մինչեւ զոյգ Ամերիկանները, Եւրոպա, Միջին Արեւելք, երբ հայութիւնը մէկ մարդու պէս, միակամ, ոտքի էր կանգնած՝ յիշելու իր նահատակները, արդարութիւն պահանջելու նամարդ աշխարհէն։
Արդարեւ, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն յայտարարուած ամբողջ ազգը ներկայացնող նշանաւոր Հռչակագիրով սկիզբը դրուեցաւ յաջորդող բոլոր յաղթական ելոյթներուն։ Ապրիլին, հիասքանչ ելոյթը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ գլխաւոր պետի՝ պապի, եղաւ արդարութիւն պահանջող ղօղանջը ի լուր աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, պետութիւններուն։ Նմանապէս խիստ կարեւոր պատմական հազուադէպ որոշումը մեր եկեղեցւոյ, երբ 1.5 միլիոն մեր նահատակներու սրբացման որոշումը տուաւ։ Ապա Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 24 Ապրիլի ընդունելութիւնը Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ, երբ բոլոր երկիրներու դեսպաններուն հոն կը հրաւիրէր՝ յիշեցնելու մեր նահատակ ժողովուրդի ապրած վիշտը, կորսնցուցած իրաւունքը։
Ժողովրդային ցոյցերը, քայլարշաւները՝ Թեհրանէն մինչեւ Պէյրութ, Եւրոպա, ի մասնաւորի Լոս Անճելըս, երբ 160 հազար հայ կանոնաւոր երթով իր խօսքը հասցուց Միացեալ Նահանգներու պետութեան եւ ժողովուրդին։
Տակաւին բազմաթիւ գիտաժողովներ, այլազգներու մասնակցութեամբ։ Արդեօք չյուզուիլ կարելի՞ է, երբ հայ երիտասարդները Երեւանի մէջ ջահերով երթէն սկսեալ աշխարհով մէկ բոլոր քաղաքներու մէջ արդարութեան պահանջի իրենց ճիչը բարձրացուցին։
Այս բոլորին կողքին, յատկանշական է վիրաւոր Հալէպի հանդիսութիւնը, երբ թնդացող ռումբերու սարսափին ներքոյ Հալէպահայութիւնը ոգեկոչման հանդէս կը կազմակերպէր օրինակելի քաջութեամբ մը, որ վայել է Հալէպի հերոս մեր ժողովուրդին։
Յատկանշական են նաեւ Պաղտատի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկները։ Աննախընթաց իրադարձութիւններ։ Իրաքահայութիւնը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով թրքական դեսպանատան դէմ պահանջատիրական ցոյց կը կազմակերպէր, բան մը, որ մինչեւ վերջերս արգիլուած էր։ Կը կազմակերպէր նաեւ Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողով մը, որուն կը մասնակցէին գիտնականներ, համալսարանի դասախօսներ՝ Լիբանանէն, Իրաքէն եւ Հայաստանէն։
Երեւակայացէք այսօր վիճակը Պաղտատի մէջ, ուր ապահովութիւն ըսուածը գոյութիւն չունի, ուր երկիրը կը տնքայ ներքին պառակտուած զինական պայքարներու ներքեւ, երբ մէկ երրորդը երկրին արդէն գրաւուած է իսլամական ծայրայեղականներու կողմէ, որոնց հետեւորդները ամէնուրեք են, նոյնիսկ Պաղտատի մէջ, պաղտատահայութիւնը կրցաւ ցոյց կազմակերպել թրքական դեսպանատան դիմաց (Իրաքեան պետութեան թոյլատուութեամբ) ու իր խօսքը ըսել։ Ապա նոյն առթիւ գիտաժողով կազմակերպել արաբ, իրաքցի եւ հայ գիտնականներու եւ քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ։ Արդեօք հերոսութիւն չէ՞… ամէն տեսակի գնահատանքի արժանի։ Ապրի՛ք, տղաք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.