2015-07-24 09:24:00

''Իրաքի հերոսական եկեղեցին'' Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մտահոգութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան)  ‘’Իրաքի Եկեղեցին’’ այս է վերնագիրը նոր հատորի մը` շարադրուած Իրաքի երբեմնի առաքելական նուիրակ` եւ ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիէն`։ Հատորը կը ներկայացնէ Իրաքի Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, զարգացումն ու անոր առաքելութիւնը, իր հիմնարկութենէն մինչեւ այսօր։

Պենետիկտոս  ԺԶ եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետերը Իրաքի եկեղեցին սահմանած են որպէս ''Հերոսական եկեղեցի'' մը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ հերոսներ նուիրել։

Կարդինալ ֆիլոնին,  որ հինգ տարիներ ամբողջ պաշտօնավարեց  Իրաքի մէջ որպէս առաքելական դեսպան, Ֆրանչիկսոս Պապին հրահանգով, վերջին տարիներուն  երկու անգամ այցելեց Իրաքը որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ ամոքելու եւ սփոփելու քրիստոնեայ հասարակութեան ցաւերն ու տառապանքը ու անոնց տանելու Քահանայապետին եւ տիեզերական Եկեղեցւոյ օգնութիւնն ու քաջալերանքը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաճախ կ՛անդրադառնայ  իրաքի քրիստոնեաներու մտահոգութիւններու մասին։ Անոնք պարտաւորուեցան իրենց պապենական տուներն ու հողերը թողուլ եւ հեռանալ մահուան սպառնալիքէն փախչելու համար։

Կարդինալ ֆիլոնին վերոնշեալ հրատարակած իր հատորին մէջ կը նկարագրէ նաեւ իրաքի քրիստոնեաներուն տուած սատարը երկրին, ընկերային կեանքին, աւանդութեան ու մշակոյթին։

''Անոնք 2000 տարիէ ներկայ են այդ հողին վրայ։ Այս օրերուն Քիրքուք քաղաքին մէջ եւս, բազմաթիւ քրիստոնեաներ պարտաւորուեցան հեռանալ որովհետեւ անոնց ինչքերն ու տուները բռնագրաւուեցան իսլամ պետութեան ռազմիկներէն'' յայտնեց Կարդինալ Ֆիլոնի Ռատիօ Վատիկանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.