2015-07-24 10:22:00

Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ խօսքը գահակալութեան 15 ամեակի նուիրուած երեկոյին։


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Պատրիարքարանի կայքը հրատարակած է երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին մինչեւ այսօր անտիպ խօսքը, արտասանուած  անոր գահակալութեան 15 ամեակին նուիրուած երեկոյին, որ կազմակերպած էր Հայ Կաթողիկէ դպրոցներու տնօրէններու խորհուրդը  28 նոյեմբեր 2014-ին:

«Աստուծոյ ձեռքը գլխուս վրայ եղաւ ինը տարեկանէն սկսեալ: Երբ օր մը մատուրն էի, զգացի անոր ներկայութիւնը իմ կեանքիս մէջ: (Դպրոցին մէջ) Շաբաթը մի քանի  անգամ, կ'առնէին աշակերտները եւ մատուր կը տանէին: Կը տեսնէի քահանան ինչպէս կը պատարագէ: Յանկարծ մտածեցի. «Օր մը ես ալ կը փափաքիմ այս քահանային պէս Պատարագ մատուցանել»: Այն օրէն ի վեր Աստուած իր ձեռքը գլխուս վրայէն չվերցուց բնաւ եւ գահակալութեան իմ առաջին խօսքիս ընթացքին ըսի սա խօսքը. «Ես Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջին ծառան եմ» եւ այսպէս մնացի:

Կաթողիկոս ըլլալէն ետք, դժուարութիւններու հանդիպեցայ, բայց ունէի յարկաբաժինիս մէջ անկիւն մը,  որ միշտ ինծի կը սպասէր՝ մատուրը, ուր սուրբ Հաղորդութիւնը կար միշտ: Այնտեղն է, որ կը խօսակցէի Աստուծոյ հետ, մխիթարութիւն կը ստանայի.  ուր  կը կրկնապատկուէր իմ մէջս յոյսը յառաջ երթալու: Աստուծոյ փառք: Ինչ որ լաւ բան մը կրնաք տեսնել իմ մէջս, տակը ստորագրեցէ՛ք Աստուած: Ինչ որ սխալներ կը տեսնէք իմ մէջս, տակը ստորագրեցէ՛ք Ներսէս Պետրոս: Շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել բոլորիդ, մանաւանդ մեր Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու  խորհուրդին, գլխաւորութեամբ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանին եւ տնօրէներուն. նոյնիսկ բացակաները կը յիշենք:

Շնորհակալութիւն նաեւ աշակերտութեան, որոնց կ'ուզեմ սրտի խօսք մը ըսել: Դուք պէտք է որ ճանչցուիք լիբանանեան միջավայրին մէջ որպէս հայ: Հայ կը նշանակէ յուսահատութիւն չգիտցող, կը նշանակէ հաւատարմութիւն, կը նշանակէ յղացում:

Սիրելիներ, ես ձեզմով հպարտ եմ: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ձեզմով հպարտ է: Լիբանանի հայ գաղութը ձեզմով հպարտ է:  Եւ դեր աւելի պիտի հպարտանայ երբ դուք ասպարէզ իջնաք եւ կարենաք աշխատիլ, կարենաք յղանալ, կարենաք տարածուիլ, կարենաք օգտակար ըլլալ եւ զարգացնել թէ՛ հայ գաղութը թէ՛ լիբանանեան միջավայրը: Պատիւ ձեզի:

Շնորհակալ եմ ձեզի եւ կեցցէ՛ հայ աշակերտը եւ կեցցեն՛ հայ դպրոցները եւ հայ տնօրէնները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.