(Ռատիօ Վատիկան) ‘’Երկարող ձեռք’’ բարեսիրական մարմինը ծնունդ առած է 1964-ին ու մէկ տարի ետք անոր մարդասիրական օգնութիւնները սկսած են պտուղ տալ` Պանկալտէշի մէջ դպրոցի մը կառուցումով։ Այդ թուականէն սկսեալ այս բարեսիրական մարմինը պայքար կը տանի սովի դէմ ու հիւսիս-հարաւ անհաւասարութեան անհետացումին ի նպաստ, աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ իրագործելով աւելի քան 2300 ծրագիրներ, յատկապէս Ափրիկէ, Լատինամերիկա եւ Ասիա։
Մարմինը ծնունդ առաւ որպէս շարժում մը որուն նպատակն է արթնցնել ամէն անհատին մէջ իր նմանները յարգելու գիտակցութիւնը, ուստի դատապարտել անարդարութիւնը, ապա տեղեկացնել ու զգայուն դարձնել հանրային կարծիքը` ձեռք երկարելու համար կարիքաւորներուն։
Նշենք որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ‘’Երկարած ձեռք’’ բարեսիրական մարմինը օգնութեան հասած է Լիբանանի հայ համայնքին, շնորհիւ կարգ մը հայ եկեղեցականներուն հետ հաստատած շփումներուն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |