2015-07-24 09:46:00

«Քրիստոնեաները կառչած պիտի մնան իրենց հողին». Եազիժի Պատրիարք։


Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմերու ներկայացուցիչ եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, քրիստոնեաները կառչած պիտի մնան իրենց հողին:

«Յիսուս Քրիստոսի դիմագիծը անկարելի է, որ հեռանայ Արեւելքէն, ուր այս օրերուս կը տիրեն ահաբեկչութեան, հաւատադրժողականութեան եւ առեւանգումի լեզուները, որոնք Միջին Արեւելքի անցեալին եւ ներկային համար տարօրինակ լեզուներ են», շեշտեց Եազիժի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.