2015-07-23 09:46:00

Փարակուէյի պետութիւնը կը դիմէ եպիսկոպոսներուն արմատախիլ ընելու համար աղքատութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասունսիոն թեմի առաջնորդը, գերապայծառ Էտմունտօ Վալենզուելա, հաստատեց որ Փարակուէյի եպիսկոպոսները պետութենէն նամակ մը ստացած են որուն մէջ իրենց կ՛առաջարկուի  համագործակցութիւն` արմատախիլ ընելու աղքատութիւնը։

Փարակուէի կառավարութեան գնահատումով աւելի քան 23 հազար ընտանիքներ չքաւորութեան մէջ կը գտնուին։ Եկեղեցին իր կամաւորներու, կրօնուսոյցներու ու քահանաներու յանձնառումով պատրաստ է համագործակցիլ պետութեան հետ ամոքելու չքաւորներու տխուր իրավիճակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.