2015-07-23 09:36:00

Սուրիոյ մէջ սպաննուած է «Խորասան» ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարներէն մէկը։


Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Ճեֆ Տէյվիս յայտնած է, որ ամերիկեան օդուժի օդային մէկ հարուածին իբրեւ հետեւանք «Խորասան» ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարներէն մէկը սպաննուած է Սուրիոյ մէջ:

Ըստ Տէյվիսի, Մուհսին Ֆատլին, որ կը նկատուէր Քայիտայի վստահելի անձերէն մէկը, նախապէս տեղեակ եղած է 11 սեպտեմբեր 2001-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ գործուած ահաբեկչութեան մասին, սպաննուած է 8 յուլիսին, երբ Սարմատ քաղաքին մէջ ինքնաշարժով կ՛ընթանար:

Ֆատլին եղած է ամէնէն շատ հետապնդուող ահաբեկիչներէն մէկը: 2014-ին ան դարձեալ ռմբակոծութեան ենթարկուած էր ամերիկեան օդուժին կողմէ, սակայն օրին կարելի չէր եղած անոր մահուան փաստը հաստատել:

Միացեալ Նահանգներ անոր գտնուած վայրը յայտնողին 7 միլիոն տոլարի պարգեւ խոստացած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.