2015-07-22 12:21:00

Վատիկանի մնայուն դէտը ՄԱԿ-ին առջեւ պաշտպանեց տարեցներու իրաւունքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընկերային գետնի վրայ երբ ծերերը իրենց բախտին լքուած են հիմնական է ուսումնասիրել  քաղաքականութիւն մը անոնց իրաւունքը պաշտպանելու համար'' ըսաւ գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա` Ս. Աթոռի մնայուն դէտը ՄԱԿին մօտ, խօսք առնելով Նիւ Եորքի մէջ ծերերու իրաւունքի հայող նիստի ընթացքին։

Ան յիշեցուց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ամենուրէք կը դատապարտէ ծերերու մեկուսացումի մշակոյթը։ Իր միջամտութեան ընթացքին Ան  մատնանշեց որ Արեւմուտքի մէջ 700 միլիոն, աշխարհի բնակչութեան տասը տոկոսը 60 տարեկանէն վեր են։

2050-ի կը նախատեսուի որ այս թիւը  կրկնապատկուի։ Յաճախ ծերերը  իրենք զիրենք անօգուտ ու առանձին կը զգան, որովհետեւ իրենց դիրքը կորսնցուցին ընկերութեան մէջ։ Միջազգային հասարակութեան գրաւը պէտք է ըլլայ պաշտպանել ծերերը, գնահատել անոնց դերը ընկերութեան ու ընտանեկան յարկէն ներս ու անոնց երաշխաւորել ընկերային օժանդակութիւն, իրենց յառաջացած տարիքին բերումով'' - ըսաւ գերապայծառ Աուզա որ ապա խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ ծերերը հարստութիւն մըն են, անոնց հաւաքական յիշողութիւնը ու փորձառութիւնները մեծապէս օգտակար են ապագայ սերունդին, որպէսզի անոնք առանձին չդիմագրաւեն կեանքի դժուարութիւններն ու խոչընդոտները։








All the contents on this site are copyrighted ©.