2015-07-22 09:40:00

Մեկնարկեցին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երեք ուղղութեամբ դասընթացները։


Յուլիս 21-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի` Սփիւռքի լրագրողներու, ազգային երգի ու պարի խմբավարներու, պարուսոյցներու վարպետութեան, սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացներու բացումը:

Երեք ուղղութեամբ ընթացող դասընթացներուն կը մասնակցի 77 մասնակից աշխարհի 13 երկրէ (Վրաստան, Ուքրանիա, Ռուսիա, Պելառուսիա, Իրան, Պելճիքա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Քուէյթ, Լիբանան, Սուրիա, ԱՄՆ, Ղազախստան):

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բացումը տեղի  ունեցած է Յուլիս 10-ին Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման եւ Սփիւռքի կրթօճախներու հայոց լեզուի ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու  վերապատրաստման դասընթացներով, իսկ Յուլիս 27-ին կը մեկնարկէ Սփիւռքի մէջ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացքը:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն փոխանցեց ՀՀ ՍՆ համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան:

ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան համալսարանի ղեկավարութեան անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրը ԵՊՀ–ի հետ համատեղ իրականացնելու համար եւ յոյս յայտնեց, որ այս տարի եւս դասընթացները աչքի կ’իյնան արդիւնաւէտութեամբ:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ղեկավար Կամօ Աթայեան նշեց, որ դպրոցը հիանալի հնարաւորութիւն է մասնակիցներուն համար ոչ միայն խորացնելու մասնագիտական գիտելիքները, այլեւ, համատեղելով օգտակարը հաճելիին հետ, տեսնելու ու ճանչնալու հայրենիքը, մտերմանալու իրար հետ:

ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան շնորհակալութեամբ յիշեց 2010-ին Արցախի մէջ իրականացուած Լրագրողներու համահայկական 5-րդ համաժողովը, ուր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առաջարկութեամբ հաւանութեան արժանացաւ ու կեանքի կոչուեցաւ միանգամէն քանի մը ուղղութեամբ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ստեղծման գաղափարը:

Լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէնը յատկապէս վերապատրաստուող լրագրողներուն կոչ ըրաւ դասերուն զուգընթաց աշխոյժ կերպով գրել Հայաստանի մէջ ստացած տպաւորութիւններուն մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.