2015-07-22 09:32:00

Իրանի մէջ ողողումը զոհեր կը պատճառէ։


Հիւսիսային Իրանի լեռնային շրջաններուն մէջ տեղատարափ անձրեւներու եւ անոնց ստեղծած ողողումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 28-ի:

Ալպորզի նահանգին մէջ առնուազն ութ մարդիկ մահացած են, տասն վիրաւորուած են, եւ 12 ուրիշներու ճակատագիրը անյայտ կը մնայ այն բանէն ետք, երբ ջուրին տակ մնացած է Թեհրանէն դէպի հիւսիս տանող Չալուս բանուկ խճուղին, հաղորդեց գործակալութիւնը` վկայակոչելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Իրանի բաժանմունքը: Բնական աղէտին պատճառով վնասուած են նաեւ քառասուն ինքնաշարժներ: Ողողումին ընթացքին Իրանի բազմաթիւ բնակիչներ արձակուրդի օրերէն ետք հիւսիսէն կը վերադառնային այդ խճուղիով:

Ողողումը նաեւ 20 մարդու կեանք խլած է Իմամզատէ Տաւուտ բնակավայրին մէջ` Թեհրանէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք: Անձրեւներու ստեղծած հողի սահանքը ծածկած է խճուղին եւ լիովին արգելափակած զայն:

Ներկայիս այդտեղ շուրջ 2500 ինքնաշարժ խճողուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.