2015-07-20 10:04:00

Ռայի Պատրիարքը նախագահեց Մար Շարպելի սրբադասման յիսնամեակին նուիրուած Պատարագը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Աննայայի Մար Մարուն վանքին մէջ նախագահեց Մար Շարպելի սրբադասման յիսնամեակին նուիրուած պատարագին:

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Մար Շարպելի հրաշագործութեան եւ անոր ընծայած բարիքներուն` յոյս յայտնելով, որ ան Լիբանանին կ՛ընծայէ իր ինքնութիւնը պահելու առիթը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն կ՛ընծայէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու բարիքը:

«Երանի թէ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները ըլլան քեզի նման եւ երկիրը փրկեն իր քաղաքական տագնապէն ու կատարեն նախագահական ընտրութիւն` փրկելու համար նաեւ երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը փափաք յայտնեց նաեւ, որ քաղաքական ու դիւանագիտական շարք մը այլ լուծումներու շնորհիւ կարելի ըլլայ Լիբանան հասած գաղթականներուն ճնշումը թեթեւցնել, ինչպէս նաեւ բոլոր առեւանգուածները ազատ արձակել:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.