2015-07-18 10:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ուղղուած կարդինալ Թուրքսոնի՝ լսենք աղաղակը հանքագործերուն


(Ռատիօ Վատիկան) Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած ’’Աստուծոյ հետ միացած լսենք աղաղակը հանքագործերուն որպէս նիւթ ունեցող գիտաժողովի առթիւ , որ կը կատարուի, Սալեզիանում համալսարանին մէջ, 17-19 յուլիսին, եւ  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են  Ափրիկէէն, Ասիայէն եւ Ամերիկայէն ժամանած   30 հանքագործերու ներկայացուցիչներ,  ֆրանչիսկոս Քահանայապետը , հինգշաբթի, 16 յուլիսին, պատգամ մը ուղղած է կարդինալ Թուրքսոնի՝ նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, որուն մէջ  մէջ գրած է.

Ուրախ եմ իմ ողջոյնս եւ քաջալերանքս միացնելու հանքագործութեամբ հետաքրքրուող հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումի մասնակիցներուն։ Այս հանդիպումը կազմակերպուած է Արդարութեան եւ խաղաղութեան Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ՝ համագործակցութեամբ լատին-ամերիկեան «Iglesias y Mineria» ցանցի՝ «Միացած Աստուծոյ հետ՝ լսենք աղաղակը» նիւթի շուրջ։

Դուք կու գաք հանքագործութեան  զանազան պարագաներէ  ըլլայ ան ճարտարարուեստական մեծ ընկերութիւններու կամ անպաշտօն արհեստաւորներու կամ բանուորներու ղեկավարութեամբ՝  եւ կ՛ապրիք տարբեր փորձառութիւններով։ Հաւաքուած էք այստեղ՝ հնչեցնելու համար բազմաթիւ անհատներու, ընտանիքներու եւ հասարակութիւններու աղաղակը, որոնք կը տառապին ուղղակի կամ անուղղակիօրէն՝ հանքագործութեան ստէպ բացասական հետեւանքներէն։ Աղաղակ մը՝ հողէն հանուած հարստութիւններուն պատճառաւ, որոնք տեղական ժողովուրդներուն համար երբեք հարստութիւն չեն բերած եւ թողած են զանոնք աղքատութեան մէջ։ Աղաղակ մը՝ բռնութեան պատճառած ցաւի եւ կաշառակերութեան սպառնալիքի։ Զայրոյթի եւ օգնութեան աղաղակ մը՝ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարումին դէմ, որոնք թաքուն կամ յայտնի կերպով կը հային ժողովուրդներու առողջութեան եւ աշխատանքի պայմաններուն, ուր երբեմն ստրկութիւնը կամ անհատներու վաճառքը կը սնուցանէ պոռնկութեան երեւոյթը։ Սրտմտութեան եւ անկարութեան աղաղակ մը՝ ջուրերու, օդի եւ հողի ապականումի պատճառով։ Անհասկացողութեան աղաղակ մը՝ տեղական կամ ազգային քաղաքային իշխանութիւններու կողմէ ցուցաբերած ձեռնարկներու եւ աջակցութեան պատճառաւ։ Հանքերը՝ ըլլայ հողի մակերեսի վրայ կամ ստորերկրեայ՝ Աստուծոյ պարգեւն են մարդկութեան. Մարդ արարածը զանոնք օգտագործած է հազարաւոր տարիներով։ Հանքերը հիմնական են մարդկային կեանքի եւ գործունէութեան բազմաթիւ բաժիններէն ներս։ Հետեւաբար հանքագործութեան մարզը անկասկածօրէն կոչուած է բարելաւելու շատ մը երկիրներու վիճակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ասոր համար երկրագունդի պատասխանատու մարմիններու ուշադրութեան կը յանձնէ՝ թէ անոնք մեծ պատասխանատուութիւն մը կը կրեն իրենց ուսերուն վրայ։ Ապա կը  քաջալերէ  ներկաները, մաղթելով, որ հանդիպման այս առիթը նպաստէ նպատակադիր կէտերու հանդէպ աճող գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.