2015-07-18 11:46:00

Կաթողիկէ-Լիւտերական յանձնախումբի բանակցութիւնները Մկրտութեան խորհուրդի մասին


(Ռատիօ Վատիկան) Կաթողիկէ-Լիւտերական միջազգային յանձնախումբը ներկայիս Պուտաբէշտի մէջ կը բանակցին Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի նիւթին մասին, շուրջ 20 աստուածաբաններ կը մասնակցին բանակցութիւններուն, Հունքարիոյ մայրաքաղաքի Լիւտերական համալսարանին մէջ։ Կլոր սեղանին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Անգլիոյ Birmingham կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ գերապայծառ William Kenney եւ Հելսինքիի երբեմնի լիւտերական առաջնորդ գերապայծառ Eero Huovinen։ Նշենք, որ կաթողիկէ-լիւտերական միջազգային յանձնախումբը հիմնուած է 1967-ին եւ կը նկատուի համամիութեան երկխօսութեան մեծագոյն մարմինը։ Այս տարուայ հանդիպումը կազմակերպուած է Հունքարիոյ լիւտերական աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ։ Աշխատանքները պիտի եզրափակուին 21 Յուլիս 2015ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.