2015-07-17 09:30:00

Ֆիլիփինեան եկեղեցիի պատրաստութիւնը Ս. Հաղորդութեան միջազգային 51-րդ գիտաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 23-25 Յունուար 2016, Ֆիլիփինեան կղզեխումբի` Cebu թեմին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Հաղորդութեան միջազգային 51-րդ գիտաժողովը ։ Թեմի առաջնորդը գերապայծառ Խօսէ Բալմա` գիտաժողովին որպէս խորհրդանիշ ընտրած է Magellano-ի խաչը, վերակոչելու այդ խաչին պատմական արժէքն ու դերը Ֆիլիփինեան կղզեխումբի աւետարանութեան։ Նշենք որ 2021-ին Ֆիլիփինեան եկեղեցին պիտի տօնախմբէ աւետարանութեան 5-րդ դարադարձը։ Magellano-ի Խաչը Cebu հասաւ 1521-ին երկրախոյզ փորթուկալացիէն եւ կ՛ ոգեկոչէ Rajah Humabon-ի եւ թագուհի Juana-ի քրիստոնէութեան դարձը` 400 Ֆիլիփփինցիներու հետ։ Այս երկրորդ անգամն է որ ս. Հաղորդութեան միջազգային գիտաժողովը կը կազմակերպուի Ֆիլիփինեան կղզեխումբի մէջ ։ Առաջինը տեղի ունեցաւ Մանիլայի մէջ 1937-ին։

Վերոյիշեալ 51-րդ գիտաժողովին նիւթն է. ''Քրիստոս ձեր մէջ, ուրախութեան յոյս'' քաղուած Պօղոս առաքեալի  կողոսացիներուն ուղղած թուղթէն։ Յոյսի նիւթը կ’աւետէ Աստուծոյ պարգեւը ուղղուած երիտասարդներուն, որոնք կը կազմեն Ասիական ցամաքամասի հարստութիւնը ու միաժամանակ յանձնառումը գործելու ցամաքամասի ընչազուրկերու հոյլին թիւին ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.