2015-07-17 11:48:00

Սուրիոյ մէջ անյայտ ճակատագրի մէջ կը գտնուին Մելքիթ կղերական եւ աշխարհական մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթէ մը ի վեր Սուրիոյ մէջ անհետացած են Մելքիթ կղերական՝ Հայր Անթուան Պութրոս եւ անոր ընկերացող աշխարական Սաիտ Ապտու, Սուրիոյ  Շահպա գիւղէն դէպի Սամա Հինատադ գիւղ փոխադրութեան ընթացզքին, ուր՝ Հայր Անթուան  անցեալ կիրակի օր  պիտի  մատուցէր Սուրբ Պատարագ

Հայր Անթուանի եւ աշխարհականի  անհետացման լուրը հաղորդած են  Մարդկային իրաւքունքներով զբաղող Ասորի կազմակերպութիւնները։

Անոնց ճակատագիրը տակաւին անյայտ է եւ Ֆիտէս Լրատուական գործակալութիւն համաձայն հաւանական է,  թէ Հայր Անթուան ու տիար Սաի Ապտուրի առեւանգուած ըլլան ծայրայեղ իսլամակններու կողմէ որոնք կը գործեն տարածաշրջանին մէջ։ 

Արժանի է նշել, թէ առեւանգուած կղերականը ծանօթ էր իր եղբայրսիրական եւ մարդասիրական գործունէութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.