2015-07-17 10:47:00

Միջազգային Քարիթասի տնօրէնի պատգամը Քահանայապետի շրջաբերական թուղթի մասին:


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Թակլէ ընդհանուր տնօրէնը միջազգային Քարիթասի պատգամ մը ուղղած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Laudato Si'' բնապահպանութեան շրջաբերական թուղթին մասին որուն մէջ ըսած է։

Սիրեցեալ բարեկամներ, աշխարհի որոշ շրջաններուն մէջ մանուկներ կը ծնին, պատանիները կ՛աճին ու չափահասներ կ՛ապրին ու կ՛աշխատին թիւնաւոր աղբերու մէջ։

Իսկ այլ շրջաններուն մէջ այրերու ու կիներու կեանքը թելով մը կախուած է, անոնք կ՛ապրին անջրդի, կամ հեղեղի շրջաններու մէջ կամ ենթակայ պէսպէս անիրաւութիւններու։ Այս բոլոր շրջաններուն մէջ ապրողներու կեանքը ցմիշտ սպառնալիքի տակ է։ Բնականաբար Աստուած այս ձեւով չստեղծեց մարդկութիւնը։ Յունիս ամսուան մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեզմէ իւրաքանչիւրիս կոչ ըրաւ յանձնառումով գործելու երկրագունդի պահպանումին ի խնդիր։ Ան մեզմէ կը խնդրէ ձերբազատուիլ կեանքի աւելորդ բաներէն, մաքրագործութիւն կատարել­, արժանաւորութեան ու միութեան մէջ ապրիլ, քանի կը պատկանինք մարդկային մէկ ազգին ու մէկ ընտանիքին։

Իւրացնելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Laudato Si'' շրջաբերական թուղթը, ըսաւ կարդինալ Թակլէ կոչ կ՛ընեմ Քարիթասի համայն ընտանիքին, որպէսզի հոգ տանինք արարչագործութեան։ Շրջաբերական թուղթին մէջ Սրբազան Հայրը կը յիշեցնէ որ սպառողապաշտութիւնը փոխարինենք զոհողութեան հետ, ընչաքաղցութիւնը` առատաձեռնութեան հետ,  մսխումը` բաժանումի հետ։

Կանչուած ենք տալու եւ ոչ թէ պարզապէս հրաժարելու։ Մեր մարդկային կոչումը կը կայանայ  արարչագործութեան ընտանիքին հետ համակեցութեան մէջ։ Ըլլանք պահակներ եւ ոչ թէ տէրեր։

Որպէս անդամներ թէ Քարիթասի եւ թէ մարդկային ընտանիքին, դեր մը ունինք կատարելիք բնապահպանութեան յեղափոխութեան գործընթացին մէջ, մեր ոյժերը ի մի դնենք ցոյց տալու թէ կարելի է միասնաբար վերագտնել յոյսը ու ապրիլ արարչագործութեան գեղեցկութիւնը։

Պէտք ենք քանդակել հոգեւորութիւն մը, որ կը հրաւիրէ քաղաքական մարդիկը, գեղարուեստագէտները, դաստիարակիչները, գիտնականները ու շինարարները  աշխատելու հասարակ բարիքին համար, յարգելով իւրաքանչիւր անհատին արժանաւորութիւնը եւ յատկապէս աղքատին ու տկարին։

Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր տնօրէնը իր պատգամը կ՛եզրափակէ ըսելով. Աստուծոյ սէրը մղիչ ոյժն է որ կը գտնենք արարչագործութեան մէջ։

Քարիթասը մէկ արտայայտութիւնն է այս սիրոյն որ կը բարեփոխէ կլիմայի ջերմուժը մեր սրտերու համաշխարհային ջերմուժի հետ` հանդէպ աղքատին ու տկարին։

Եղբայրաբար Քրիստոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.